2015-04-22 11:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` արարչութիւնը դիտել Աստուծոյ աչքերով։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 22 ապրիլ 2015-ի հրապարակային ունկնդրութիւն աւարտին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ այսօր կը նշուի ''երկրագունդի օրը''։ Բոլորդ կը հրաւիրեմ աշխարհը դիտել Արարիչ Աստուծոյ աչքերով - ըսաւ Ան  հաստատելով թէ - երկիրը այն միջավայրն է որ պէտք է պահպանենք ու մշակենք։

Բնութեան հետ մարդու յարաբերութիւնը պէտք չէ հիմնուի եսասիրութեան, կեղծումի եւ շահագործումի վրայ այլ պէտք է պահպանէ աստուածային ներդաշնակութիւնը ընդմէջ էակներուն եւ արարչութեան, յարգանքի եւ խնամքի տրամաբանութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.